2015-01-21 14:28:55

Կարդինալ Ռավազի ''Ունեսքոյին'' մէջ` լոյսը Աստուած չէ, այլ Աստուած լոյս է։


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյսը Աստուած չէ, այլ Աստուած լոյս է, ըսաւ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, իր արտասանած ճառով Ունեսքոյի մէջ` լոյսի միջազգային տարւոյն բացման արարողութեան ընթացքին։
Բոլոր քաղաքակրթութիւններու մօտ լոյսը կը ներկայանայ որպէս ֆիզիքական երեւոյթ մը եւ խորհրդանշանական նախատիպար։ Լոյսի մուտքը կը նկատուի որպէս բացարձակ սկիզբը արարչագործութեան։ Կարդինալ Ռավազիի գնահատումով լոյսը ‘’աստուածաբանական’’ յատկանիշ մը ունի։ Ս. Գիրքը, այլ մշակոյթներու տարբերութեամբ, որ կը նոյնացնեն լոյսը աստուածութեան հետ, կը հաստատէ. ''լոյսը Աստուած չէ, այլ Աստուած լոյս է։ Յովհաննէս աւետարանիչը իր Աւետարանին յառաջաբանին մէջ կը ներկայացնէ Քրիստոսը որպէս ճշմարիտ լոյս մը որ կը լուսաւորէ ամէն արարած''։
Կարդինալ Ռավազի իր միջամտութեան ընթացքին խօսեցաւ ապա լոյս-խաւար հակադրոյթի մասին որպէս հոգեւոր օրինակ. ''Լոյսը փառաւոր ու կենսական նշան մըն է, նուիրական փոխաբերութիւն մըն է եւ կը խորհրդանշէ բարոյական ու գոյութենական պայքարը'' յայտնեց Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին նախագահը։







All the contents on this site are copyrighted ©.